ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կառավարութիւններ, յատկապէս իրենց կամքը պարտադրելու համար հզօր ուժ կամ լծակներ ունեցողները, արդէն իսկ արուեստի վերածած են «ազգային ապահովութիւն»ը երաշխաւորելու, այսինքն՝ ինքնապաշտպանութեան պատրուակով յարձակումի դիմելու քաղաքականութիւնը, հետեւելով յարձակումը պաշտպանութեան լաւագոյն ձեւն է սկզբունքին:
Վերջերս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ մինչեւ իսկ Կովկասի մէջ, ինքնապաշտպանութեան պատրուակը կը շահագործուի եւ զարմանալիօրէն կը գտնէ բաւական մեծ թիւով յաճախորդներ:
Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակող Պաքուի ղեկավարները այնքան ճարպիկօրէն կը ծախեն հայկական կողմին նախայարձակ եղած ըլլալու սուտը, որ նոյնիսկ հայութեան համախոհ շրջանակները Ատրպէյճանի յարձակումը յստակօրէն դատապարտելու փոխարէն, զսպուածութեան կոչեր կ՛ընեն «երկու կողմերուն», նախայարձակն ու զոհը նոյն կշիռքին վրայ դնելով:
Նման տրամաբանութեան մը ականատես եղանք Ուիսքանսընի Քընոշա քաղաքին (որուն քաղաքապետը հայազգի Ճան Մարթին Անթառամեանն է) մէջ, ուր անցեալ տարի ցեղային խտրականութեան եւ ոստիկանութեան բռնարարքներուն դէմ ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, Իլինոյէն երիտասարդ մը, ապօրինի կերպով գնուած ռազմական գնդացիրով մը) յարձակած էր անզէն ցուցարարներու վրայ, սպաննելով անոնցմէ երկուքը եւ վիրաւորելով երրորդ մը:
Կրկէսային մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած մարդասպանին դատավարութիւնը աւարտեցաւ Ուրբաթ օր, եւ ոճրագործը անպարտ արձակուեցաւ, դարձեալ… ինքնապաշտպանութեան պատրուակով: Այսինքն, նահանգին մէջ կային առնուազն 12 անձեր (դատակազմին անդամներուն թիւը), որոնք հաւատացին վարպետ պաշտպան փաստաբաններու այն պնդումին, թէ ապօրինի կերպով զէնք գնած, նահանգի մը սահմանը կտրած եւ նշեալ գնդացիրը ցուցարարներուն ուղղելով զանոնք հրահրած եւ ապա սպաննած մարդասպանը, վախնալու աւելի շատ պատճառ ունէր, քան զէնքին խողովակին միւս կողմը կեցող անզէն ցուցարարները:
Անշուշտ, աւելին կարելի չէր ակնկալել այս դատավարութենէն, որուն դատաւորը նոյնիսկ մերժած էր «զոհ» անուանել սպաննուած ցուցարարները եւ արտօնած էր, որ դատակազմին 12 անդամներէն 11ը սպիտակամորթներ ըլլան: Դատաւորը նաեւ արտօնած էր պաշտպան փաստաբաններուն, որ իբրեւ խռովարարներ ներկայացնեն ցուցարարները…
աւալի է, որ երկիրը այնքան բեւեռացած է, որ մարդասպանը այժմ ազգայնամոլներուն հերոսներէն մէկը դարձած է, մինչ անոր զոհերուն պարագաները «ողբերգական» կ՛որակեն դատավճիռը:
Հետաքրքրականօրէն, պաշտպան փաստաբաններ նոյն ռազմավարութիւնը որդեգրած են Ճորճիա նահանգին մէջ անզէն սեւամորթ երիտասարդ մը սպաննած սպիտակամորթ երեք քաղաքացիները արդարացնելու իրենց ջանքին մէջ:
Արդարադատութիւնը, ըլլա՛յ այդ Ուիսքանսընի, Կովկասի կամ աշխարհի որեւէ անկիւնը, իր բարոյական կշիռը եւ տարրական տրամաբանութիւնը կը կորսնցնէ, երբ կը սկսի հրահրող եւ նախայարձակ կողմին իրաւուքներ շնորհել, առանց մտածելու, որ յարձակումը դիմող կողմը իր այդ արարքով իսկ կորսնցուցած է պաշտպանուող ըլլալու իրաւունքը, զայն շնորհած ըլլալով իր յարձակումի թիրախին:
Self defense , Revolt for Freedom or Change of Subjugation are ALL
related, Tied. Nationalist movements Must be Let by NOT sentimental
music but ENCOURAGING HYMN or MARCH , One UNKNOWN FORCEFUL
FORBIDDEN BY BOLSHEVIK TERRORIST REGIME IN ARMENIA IS:
“HARATCH NAHADAG” (FORWARD GENOCIDE) BY PARSEGH GANATCHIAN,
KOMIDAS VARTABED TRAINED, DIASPORA LIVED MAESTRO, POWERFUL
MUSIC EVEN CANDIDATE FOR NATIONAL HYMN. AS POWERFUL AS
KAREKIN NEJTEH, WHO ALONE KEPT SUNIK 5 MONTHS INDEPENDENT,
UNIQUE IN BOLSHEVIK REGIME’S 100 YEARS HISTORY. YOU WANT NEW
INDEPENDENT ARMENIA, FOLLOW K. NEJTEH STEPS WITH P.GANATCHIAN
WRITTEN MARCH, FROM GENOCIDE TO REBIRTH SIGN GUIDANCE.
VICTORY IN FRANCE STARTED WITH “MARSEILLAISE”, OURS : WITH
HARATCH NAHADAG , IMMEDIATELY ADOPT FOR VICTORY !!!