ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք ազզգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին նուիրած է «թրքական աշխարհ»ի քարտէսը, որուն մէջ ներառուած են Ռուսիոյ կարգ մը շրջաններ:
Երկու քաղաքական գործիչներու քարտէսին հետ լուսանկարը հրապարակուած է կուսակցութեան «Թուիթըր»ի պաշտօնական էջին վրայ:
Քարտէսին վրայ կարգ մը երկիրներ, ներառեալ՝ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Իւզպեքիստանը, Ղազախստանը եւ Թիւրքմենիստանը նշուած են կարմիր գոյնով: Իսկ Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող կարգ մը շրջաններ եւ Արեւելեան Սիպերիան, Պալքաններու մէկ մասը եւ Շինզանի Ույղուրեան ինքնավար շրջանը ներկուած են նարնջագոյն եւ դեղին ծաղիկներով:
Քարտէսի լուսանկարները հրապարակողը չի նշեր, թէ այդ նշումները ի՛նչ կը նշանակեն:
Յիշեցնենք, որ Փետրուարին թրքական պատկերասփիւռի եթերէն արդէն ցուցադրուած էր «Սթրաթֆոր»ի նախատեսութեամբ «թրքական ազդեցութեան ընդլայնման» քարտէսը, որուն վրայ եղած են Ռուսիոյ հարաւային շրջանները` ներառեալ Խրիմը, Քուպանը, Ռոսթովի մարզը: Խրիմի խորհրդարանին մէջ քարտէսը անհեթեթ կոչած էին: