ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, հիւրընկալութեամբ Մարօ Ֆերմանեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, Հինգշաբթի, 9 Դեկտեմբերին, կ.ա. ժամը 11։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ աւանդական Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը։
«Պրենտվիու» սրահին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկին մասնակցութեան սակը 100 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 248-7737 թիւին։