ԹԵՀՐԱՆ, «Թասնիմ»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտնեց, իր երկիրը պատրաստ է մասնակցելու Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու վերականգնման հոլովոյթին:
Ան այս հաստատումը կատարեց Ատրպէյճանի փոխվարչապետ եւ տնտեսական համագործակցութեան միացեալ յանձնախումբի նախագահ Շահին Մուսթաֆայեւի հետ Թեհրանի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք:
Երկու պաշտօնեաները քննեցին կովկասեան շրջանի վերջին զարգացումները եւ Թեհրանի ու Պաքուի միջեւ համագործակցութիւնը:
Գոհունակութիւն յայտնելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու եւ խոր կապերու աճի միտումին նկատմամբ` Ապտոլլահեան «Ատրպէյճանի տարածքներու ազատագրումը» երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ նոր սկիզբ անուանեց եւ ընդգծեց, որ երկու կողմերը պէտք է տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ բոլոր կարողութիւնները օգտագործեն առեւտուրի, փոխադրամիջոցի, ուժանիւթի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը վերահաստատեց երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու՝ Իրանի մնայուն քաղաքականութիւնը` ընդգծելով, որ միջազգային սահմանները անփոփոխելի են:
Ատրպէյճանի փոխվարչապետը, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնեց Իրանի քարիւղի, ինչպէս նաեւ ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարներուն հետ իր կառուցողական հանդիպումներուն գծով` ըսելով, որ երկու երկիրները մօտ են քարիւղի եւ կազի ոլորտներուն մէջ պատմական համաձայնագիրներու ստորագրութեան: