Նախորդ շաբաթավերջին, Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ արագ ճատրակի «Թաթա Սթիլ Ինտիա»ի միջազգային մրցաշարքը` հայրենի գերվարպետ Լեւոն Արոնեանի յաղթանակով:
18 հանգրուանի արդիւնքները նկատի ունենալով` Հայաստանի ներկայացուցիչը եւ հնդիկ Արճուն Էրիկայսի կիսեցին առաջին դիրքը` 11․5ական կէտերով:
Ախոյեանը որոշելու մրցումին, Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթանակ արձանագրեց:
Միւս կողմէ, նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ուքրանիայէն, 12 կէտով գրաւեց 7րդ դիրքը: Եւրոպայի ախոյեան հռչակուեցաւ Ուքրանիան, որ ապահովեց 14 կէտեր։
Հայաստանի կանանց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին յաղթեց Չեխիոյ, 10 կէտերով գրաւեց 11րդ դիրքը: Ախոյեանութեան տիտղոսը նախավերջին հանգրուանին ապահոված էր Ռուսիա, մինչ փոխախոյեան հանդիսացաւ Վրաստան: