ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ Արցախի բնակիչ մը մոլորելով՝ յայտնուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ, իսկ ծառայութիւնը ամէն ջանք կը թափէ՝ զայն վերադարձնելու։
Արդարեւ, Մարտունի շրջանի Աշան համայնքի բնակիչ, 2000ի ծնունդ Մ.Մ.ը 23 Նոյեմբերի առաւօտեան անյայտ հանգամանքներու մէջ կորսուեցաւ։ Ահազանգին պատասխանելով՝ ձեռնարկուեցան միջոցառումներ, եւ իբրեւ արդիւնք՝ յստակացաւ, որ Արցախի յիշեալ քաղաքացին մոլորած եւ յայտնուած էր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ վերջիններուն կողմէ բռնուած:
Դէպքին մասին անմիջապէս հաղորդուեցաւ ռուս խաղաղապահներուն, որոնք պարզեցին եւ հաստատեցին, որ հայ քաղաքացին ապահով վիճակի մէջ է: Ապա սկսան բանակցութիւններ՝ զայն վերադարձնելու նպատակով։