ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խաղաղապահ ջոկատի հրամանատար, զօր. Արտակ Տօնոյեան աշխատանքային այցելութիւն կատարեց Քոսովոյի Հանրապետութիւն:
Այցելութեան ծիրին մէջ, ան հանդիպում ունեցաւ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող հայկական զօրախումբի զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց կեցութեան պայմաններուն եւ տուաւ համապատասխան հրահանգներ:
KFOR-ի հրամանատարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Տօնոյեանին՝ հայկական զօրախումբի գերազանց ծառայութեան եւ նուիրումին համար: Կողմերը բարձր գնահատեցին միացեալ գործունէութիւնը՝ նախանշելով հետագայ աշխատանքները: