ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 27 Նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ոյժերու խաղաղապահ ջոկատի հրամանատար ժեներալ-մայոր Արտակ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ընկերակցութեամբ:
Ողջունելով հայ սպաները Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ վեհափառը իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին՝ շեշտելով, թէ մեր ժողովուրդի միասնականութեան եւ հզօրութեան, հայրենիքի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան երաշխիքը հայոց բանակն է: կաթողիկոսը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց հայոց բանակին զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:
Յայտնենք, որ Հայաստանի բանակի սպաները կարճ այցելութեամբ կը գտնուին Լիբանան՝ հանդիպում ունենալու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան խաղաղապահ ոյժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատին հետ: