ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ 250 մեկաուաթ հզօրութեամբ համակցուած շոգեկազային շրջանառութեամբ նոր ելեկտրակայանի: Նախագիծը իրականացած է «Ռենկօ» ընկերութեան, «Սէյս Սիմեստ» իտալական պետական արտահանման-վարկային գործակալութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու ու անհատներու կողմէ:
«Ռենկօ» ընկերութեան նախագահ Ճովաննի Կասպարինի նշեց, որ այդ օրը իրենց ընկերութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար մեծ իրադարձութեան օր է, որովհետեւ բացումը կատարուեցաւ ելեկտրակայանի մը, որ ոչ միայն ունի 250 մեկաուաթ հզօրութիւն եւ օժտուած է նորագոյն արհեստագիտութեամբ, այլ աժան գինով ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ եւ պիտի կարենայ բաւարարել ընդհանուր ելեկտրականութեան պահանջքին 20-25 առ հարիւրը:
Ըստ անոր՝ շինարարական աշխատանքներուն ներգրաւուած էին 800-1000 աշխատակիցներ՝ հիմնականին մէջ տեղացիներ, իսկ կայանի գործարկումէն ետք պիտի ստեղծուին 50 նոր աշխատատեղեր: Ծրագիրի իրականացման համար ծախսուած է շուրջ 280 միլիոն եուրօ: