ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին եւ հայ գերիներուն վերաբերեալ երկու բանաձեւեր որդեգրեց:
Բանաձեւերէն մէկուն մէջ խորհրդարանը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ Եւրոպական Միութեան հետ աշխատելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի փաստերուն վերաբերեալ անկախ հետաքննութիւն կատարելու նպատակով եւ կարճ ժամանակահատուածի մէջ արդիւնքներուն մասին զեկուցելու խորհրդարանին:
Երկրորդ բանաձեւին մէջ կը յիշատակուին Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու, ազատ խօսքի, մամուլի ազատութեան հարցերը, որոնք հետզհետէ աւելի կը խորանան:
Բանաձեւը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ մինչեւ օրս պահուող հայ պատերազմական գերիներուն:
Նկատի ունենալով 15 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին Եւրոպական Միութեան արժէքներէն հեռու եղող Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը՝ խորհրդարանը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն ընթացքին հետեւութիւններ ընելու վերոնշեալ իրավիճակներէն:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նուպար Վարդանեան յայտնեց, որ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը 16 Նոյեմբերին՝ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին օրը, նամակ մը յղած է խորհրդարանի բոլոր անդամներուն՝ տեղեկացնելու համար դէպքին մասին եւ պահանջելու, որ խորհրդարանը դատապարտէ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ պատիժներ կիրարկէ Պաքուի դէմ՝ մարդկային իրաւունքները խախտելուն համար: