ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տերսիմի (Թունճելի) Խոզաթ գաւառի Էրգեն (Գեչիմլի) գիւղին մէջ գտնուող հազարամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է Էրգանի եկեղեցի անունով, անխնամ մնալուն պատճառով աւերակի վերածուած է:
2012ին Էրզրումի (Կարին) մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդը ընդունած էր եկեղեցւոյ պահպանման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Թունճելիի նահանգի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ներկայացուցած դիմումը, սակայն մինչ օրս եկեղեցւոյ պահպանման կամ վերակառուցման ուղղուած որեւէ աշխատանք չէ կատարուած:
Եկեղեցին կառուցուած է 975 թուականին: Եկեղեցւոյ պատերու ներսի հատուածին վրայ տակաւին կը պահպանուին հայատառ որոշ արձանագրութիւններ: Անիկա կը համարուի Տերսիմի ամէնէն մեծ եւ հին հայկական եկեղեցիներէն մէկը: Յայտնի է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին եկեղեցւոյ քահանան սպաննուած էր եկեղեցւոյ մէջ: