ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան՝ «Քորոնա» համաճարակի նորագոյն տարբերակը, որ առաջին անգամ յայտնաբերուեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, կը թուի ըլլալ ամէնէն վտանգաւորը եւ մտահոգիչը, անոր արագ փոխանցիկութեան պատճառով:
Կազմակերպութիւնը զգուշացուց պատկան կողմերը՝ թելադրելով փութալ ճամբորդութեան արգելքի կիրարկման: Արդէն իսկ կարգ մը երկիրներ՝ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Հոլանտա, Ռուսիա եւ այլն, երթեւեկի արգելք յայտարարած են Հարաւային Ափրիկէի եւ անոր սահմանակից երկիրներուն դէմ:
Համաճարակի հինգերորդ գլխաւոր տարբերակը նկատուող այս ժահրը զօրաշարժի մատնած է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու պատկան մարմինները, յատկապէս առողջապահական մարզը:
Տարբերակը արդէն իսկ Եւրոպա եւ Գանատա հասած է։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի գրասենեակը յայտարարեց, թէ չպատուաստուած մարդիկ «Քորոնա» ժահրը հիմնականօրէն տարածողներն են՝ աւելցնելով. «Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին, որոնք պատուաստման իրաւունք ունին, օգտուելու այդ կարելիութենէն եւ պարտադիր ամբողջական պատուաստման ընթացքէ անցնելու»:
Նշենք, որ աշխարհի տարածքին վարակուածներու թիւը անցած է 262 միլիոնի սահմանը, իսկ մահացողներուն թիւը՝ 5.2 միլիոնի։