Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Հանդիպման սկիզբը կաթողիկոսը ողջունեց Մայրավանք ժամանած թեմակալ առաջնորդները: Խօսելով միաբանական կեանքին վերաբերող երեւոյթներուն՝ ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը այսօր ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերուն մէջ եւ թէ կաթողիկոսարանին մէջ: Ապա, հայրապետը անդրադարձաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն: Հանդիպման ընթացքին վեհափառը նաեւ խօսեցաւ հայ ազգը եւ հայրենիքը յուզող հարցերու մասին:
Աւարտին, հաւաքին մասնակցող միաբաններ համահունչ կերպով կատարեցին «Կիլիկիա» քայլերգի եւ «Կիլիկեան Ուխտի» Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութիւնը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ