ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր համաժողովի 41րդ նստաշրջանին ընթացքին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին մահուան 850րդ տարելիցը եւ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի հիմնադրութեան 100ամեակը ընդգրկուեցան կազմակերպութեան Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու ամեակներու օրացոյցին մէջ՝ 2022-2023 երկամեակին համար:
Միջնադարու հայ մեծ մտաւորական, բանաստեղծ, աստուածաբան, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166ին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրուած Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850րդ տարելիցը օրացոյցին մաս դարձնելու Հայաստանի դիմումին աջակցած են Կիպրոսը, Իտալիան, Յունաստանը եւ Սուրիան, իսկ Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնի (որ ապագային դարձաւ «Հայֆիլմ») հիմնադրման 100ամեակի յայտին՝ Ֆրանսան, Ռուսիան եւ Վրաստանը: