Կիրի Կարեւորութիւնը Եւ ՄարմԻնի Առողջութիւնը
Մեր մարմինը կը պարունակէ տեսակաւոր մետաղներ: Կիրը (կրածինը-Խմբ.) այդ մետաղներէն մէկն է եւ ամէնէն մեծ քանակութեամբ գտնուող մետաղը: Անիկա շատ կարեւոր է մարմինի առողջութեան համար:
Մարմնին մէջ գտնուած կիրը առաւելապէս կը գտնուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն մէջ: Անիկա շատ քիչ քանակութեամբ կը գտնուի ջիղերուն, հիւսուածքներուն, արեան եւ այլ հեղուկներու մէջ:
Մարմինին մէջ կայ 1.2-1.4 քկ. կիր: Մարմինի կիրին 99 առ հարիւրը կը գործածուի ոսկորներուն եւ ակռաներուն կողմէ, իսկ մնացեալ 1 առ հարիւրը՝ այլ օրկաններու կողմէ:
Մեր սպառած կիրին ներծծումը (absorbtion) դէպի մարմին տեղի կ՛ունենայ բարակ աղիքներուն մէջ: Անիկա կը ներծծուի բարակ աղիքներու պատերուն կողմէ եւ կը հասնի մարմինի զանազան օրկաններուն: Ներծծումը տեղի չ՛ունենար ստամոքսին մէջ: Կիրի ներծծումը աղիքներուն մէջ կը կատարուի D կենսանիւթի (vitamin), ֆոսֆորի (phosphorus), մակնեզիումի (magnesium) եւ բնասպիտներու (proteins) օժանդակութեամբ:
Կիրը ունի մարմնին մէջ հետեւեալ պարտականութիւնները. անիկա կ՛օգնէ՝
1. Զօրաւոր եւ առողջ ոսկորներու եւ ակռաներու կազմաւորման եւ աճման.
2. Արեան լերդացումի (clotting) գործընթացքին.
3. Մարմնի ջիղերու բնականոն գործունէութեան՝ ազդանշաններ (signals) ղրկելու եւ ընդունելու.
4. Մկաններու պռկումին եւ թուլացումին.
5. Սիրտի մկաններուն կծկումներուն-պռկումներուն եւ զարկի կանոնաւորման.
6. Արեան ճնշումի կանոնաւորման.
7. Երակներու ընդլայնումին եւ կծկումին.
8. Ներբջիջային աշխատանքին:
Մեր մարմինի կիրին աղբիւրներն (sources) են մեր սպառած կարգ մը սննդեղէնը եւ կերակուրները, այսինքն՝
Ա. Կաթը եւ կաթնեղէնը՝ մածունը, պանիրը եւ կարագը:
Բնական կաթը հարուստ է ճարպով: Անիկա կը պարունակէ 4 առ հարիւր ճարպ: Կաթը յանձնարարելի է 1-2 տարեկան մանուկներուն: Երկու տարեկանէն ետք, նաեւ չափահասները պէտք է խմեեն նուազ ճարպ պարունակող կաթ, այսինքն՝1-2 առ հարիւր ճարպ պարունակող կաթ:
Կաթը հարուստ է նաեւ Ֆոսֆորով եւ մակնեզիւմով, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունին աղիքներու պատերուն կողմէ կիրի ներծծման մէջ:
D կենսանիւթը կարեւոր է մարմինին մէջ կիրի գործունէութեան համար: Այս պատճառով, մեր խմած տեսակաւոր կաթերը հարստացուած են D կենսանիւթով:
Բ. Կանաչ բանջարեղէնը, օրինակ՝ բրքուկը (broccoli), կաղամբը, բանջարը, շողգամը, շոմինը, ոլորնը, կանաչ սոխը, կանաչ սխտորը եւ անանուխը:
Գ. Լոստի ձուկը (salmon) եւ ոսկորներով հարուստ սարտին ձուկը:
Դ. Նուշը, արեւածաղիկի կուտը, շուշման (sesame seed), շուշմայի մածուկը, խորիսխը (sesame seed paste), լուբիան եւ բակլան:
Ե. Շատ մը դեղերու եւ կենսանիւթերու մէջ աւելցուած կիրը, իբրեւ լրացուցիչ սննդանիւթ (supplement):
Կիրը իր օգտակարութիւններուն կողքին ունի նաեւ շատ մը կողմնակի
վնասներ, երբ անիկա օրինաւոր չափով չի գործածուիր: Այս կողմնակի վնասները հետեւեալներն են.
Ա. Կիրի մեծ քանակութեամբ եւ երկարատեւ գործածութիւնը կը պատճառէ գերկիրութիւն (hypercalcemia), որ կը վնասէ մարմինի կարգ մը օրկաններուն, մասնաւորապէս՝ երիկամներուն, ուր կը կազմուին երիկամային քարեր:
Բ. Երկար ժամանակ կիրի նուազ գործածութիւնը պատճառ կը դառնայ ենթակիրութեան (hypocalcemia), որ կը յառաջացնէ՝
1. Ոսկրափխրութիւն (osteoporosis) եւ ոսկորներու կոտրուածք.
2. Ակռաներու տկարութիւն, անբնական երեւոյթներ, դիւրաբեկութիւն եւ փտում (decay).
3. Լինտերու գրգռութիւն.
4. Մկանային ցաւ, մասնաւորապէս՝ թեւերու եւ սրունքներու.
5. Մկանային պռկուածութիւն, մարմնական ցնցումներ (seizures).
6. Ոտքերու եւ ձեռքերու մատներու թմրութիւն եւ ասղնտոց (tingling).
7. Յոգնածութիւն եւ ընկճուածութիւն.
8. Մորթի չորութիւն եւ քերուըտուք.
9. Եղունգներու ճեղքրտուք.
10. Հերաթափութիւն.
11. Նախադաշտանի եւ դաշտանի ցաւեր.
12. Սրտանօթային հիւանդութիւններ՝ երակներու մասնակի խցում կիրի մասնիկներու կիտումով (deposition) երակներու պատերուն վրայ, սիրտի մկանային տկարութիւն, սիրտի աշխատանքի ձախողութիւն, սիրտի կաթուած (myocardial infarction, MI) սիրտի զարկի անկանոնութիւն (arrhydmia) եւ սրտադող (fibrillation):
Ենթակիրութիւն չունենալու համար պէտք է սպառենք կիրով հարուստ սննդեղէն: Մանուկներ, յղի կիներ եւ տարեցներ միաժամանակ պէտք է գործածեն կիրի լրացուցիչ դեղատեսակներ:
Լրացուցիչ կիրը պէտք է գործածուի հետեւեալ ցուցատախտակին համաձայն.
0-6 ամսական մանուկներ՝ օրական 200 մլկ.
7-12 ամսական մանուկներ՝ օրական 260 մլկ.
1-3 տարեկան մանուկներ՝ օրական 700 մլկ.
4-8 տարեկան մանուկներ՝ օրական 1000 մլկ.
9-18 տարեկան պատանիներ՝ օրական 1300 մլկ.
19-50 տարեկան չափահասներ՝ օրական 1000 մլկ.
50-70 տարեկան տղամարդիկ 1000 մլկ.
50-70 տարեկան կիներ՝ օրական 1200 մլկ.
70էն վեր չափահասներ՝ օրական 1200 մլկ.
14-18 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ՝ օրական 1300 մլկ.
19-50 տարեկան յղի եւ կաթնտու կիներ՝ օրական 1000 մլկ.
Մանուկներ եւ պատանիներ օրական պէտք ունին 2500-3 000 մլկ. կիրի, որ պէտք է հայթայթուի սննդեղէնէ եւ լրացուցիչներէն, իսկ այդ տարիքէն վեր անձեր՝ 2 000-2 500 մլկ. կիրի:
Կարգ մը սննդանիւթեր կը պարունակեն հետեւեալ քանակութեամբ կիր.
250 մլ. կաթը ունի 300 մլկ. կիր.
42 կրամ պանիրը ունի 300 մլկ, կիր.
170 կրամ մածունը ունի 300 մլկ. կիր.
84 կրամ սարտինը ունի 300 մլկ. կիր.
23 կրամ նուշը ունի 100 մլկ. կիր.
100 կրամ բանջարեղէնը ունի 100 մլկ. կիր:
Որո՞նք աւելի հակամէտ են ենթակիրութեան.
1. Բոլոր տարիքի կիներ եւ աղջիկներ, մարզիկներ, դաշտանի խանգարում ունեցող աղջիկներ եւ դաշտանադադարի (menopause) հասնող կիներ:
2. Կաթնաշաքարի (lactose) անհանդուրժողականութիւն ունեցողներ, որոնք բաւարար կաթ չեն խմեր:
3. Պարման-պարմանուհիներ, որոնք կաթի փոխարէն զովացուցիչներ կը խմեն.
4. Տարեցներ, որոնք բաւարար կիր չեն սպառեր:
Կիրի համաչափութեան ղեկավարումը մարմինին մէջ տեղի կ՛ունենայ երեք ներազդակներով.
1. Յարվահանագեղձի ներազդակ (parathyroid hormone), որ կ՛արտադրուի յարվահանագեղձին (parathyroid) մէջ:
2. Calcitriol, որ D կենսանիւթէն կ՛արտադրուի եւ կը գրգռէ աղիքները.
3. Calcitonin, որ կ՛արտադրուի վահանագեղձին (thyroid gland) մէջ: Անիկա արգելք կ՛ըլլայ ոսկորներու փճացումին եւ կը կանոնաւորէ արեան կիրի քանակը:
4. Սեռային ներազդակները, կիներու estrogen եւ տղամարդոց testosterone ներազդակները մեծ դերակատարութիւն ունին կիներու եւ տղամարդոց
ոսկորներուն աճման եւ առողջութեան մէջ:
5. Աճման ներազդակը (growth hormone), որ կ՛արտադրուի մակուղեղին (pituitary gland) մէջ, կը սատարէ եւ կը կանոնաւորէ ոսկորներու աճը:
Pics
0000HARBOYAN
0000HARBOYAN1
Առողջ ոսկորներ Ոսկրափխրութիւն
0000HARBOYAN2
Ակռաներու փտում