ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր մայրենին թաց է: Պատճառն անոր՝ «Դաշտերուն վրայ իր տրտմութեամբ յամառող» անձրեւը չէ անպայման, ոչ ալ՝ «Աստղերն անյայտ, կարծես հալած արեւէն, տեղատարափ կը թափին», ինչպէս Դանիէլ Վարուժան նկատած էր: Կան այլ պատճառներ: Թաց է հայը եւ իր լեզուն, որովհետեւ այս ազգը փոքրիկ, աննշան, թափեր է արիւն, քրտինք, արտասուք, այնքան շատ, որ յորդեր են իր բառարաններն ու երգարանները: Յարգելի ընթերցող, այսօր որոշեցի խօսիլ «թաց» բառին մասին ու ներկայացնել անոր գրական ոդիսականը կաթիլ առ կաթիլ:
«Թանալ» բայէն սեռած երկու բառերէն մէկն է «թաց» բառը, միւսը՝ «թան»: Մեր նախնիները 5րդ դարուն թրջուեցան «թացանալ», «թացութիւն» եւ «թացուցանել» բառերով: Դարերու ընթացքին այս միավանկի կաթիլներէն գոյացաւ բաղադրեալ բառերու հսկայ տարածութիւն մը, ուր ծփացին թացականջը (դեռահաս, կաթնակեր, միտքով տհաս), թացանը, թացելը, թացկեկը, թացոտը եւ արտասուաթացը: Ապա փութաց «թացը չորէն զատել» դարձուածքը: Այն ժամանակ սորվեցանք չարն ու բարին, արդարն ու անարդարը իրարմէ զատել, անոնց միջեւ խտրութիւն դնել:
Ունինք նաեւ թրջուած արտայայտութիւններ: Անոնք կեանքի փորձառութեան, ժողովրդական իմաստութեան կայլակներ են: Հայը ունի «թաց աչքեր», կը փորձէ «թաց տեղ չնստիլ» (յատկապէս վաճառականութեան մէջ, սակայն նոյն բանը կարելի չէ ըսել դիւանագիտութեան համար), երբեմն ալ միասին կ՛այրին իր «թացն ու չորը»:
Հայկական գաւառաբարբառն ալ թրջուեցաւ «թաց»ով: Անիկա Հաճընի եւ Զէյթունի մէջ «թոց» էր: Վանեցին չէր ըսեր «թրջել», այլ՝ «թացել»: Այսօր Պոլսոյ մէջ «թացիկ» է այն տղան, որ թեթեւսոլիկ եւ թեթեւաբարոյ է: Այդ քաղաքին մէջ, յարգելի ընթերցող, փորձեցէք վայրիվերոյ եւ անլուրջ չխօսիլ, ձեզ կը յանդիմանեն ու կ՛ըսեն՝ «Թացիկ-թացիկ մի՛ խօսիր»:
Գրագէտ է «թաց» բառը՝ միջնադարուն իմաստասիրական տողիկի մը մէջ յիշուելու չափ: Նշանաւոր վարդապետ եւ մատենագիր Յովհաննէս Երզնկացի (մօտ. 1230-1293), որուն շիրիմը ամփոփուած էր Երզնկայի Ս. Նշան եկեղեցւոյ առաջնորդական աթոռին տակ, բացատրեց կեանքի ունայնութիւնը. «Աշխարհս է ի ծով նման, ով որ գայ՝ անթաց չմնայ»:
Նոր ժամանակներուն, այս բառը յարմար եկաւ ազգին տրտմութիւնը երգելու համար: Ծերենցը «Երկունք Թ. Դարու» պատմավէպին մէջ նկարագրեց երկրին վիճակը. «Գարուն եկաւ, բնութիւն բոլոր զուարթացաւ, բայց դարձեալ Հայաստան կու լար: Թշնամին, որ որջացեալ էր Հայոց մայրաքաղաքը Դուին, կը պատրաստուէր ելնել դէպ հիւսիս եւ արեւելք, որպէսզի երկիր մը՝ թիզ մը հող չմնայ անթաց արցունքէ եւ արիւնէ»: Իսկ Գէորգ Էմին բացատրեց, թէ հայը ինչո՛ւ հեռատես եւ իրատես չէ. «Մենք կոյր ենք կիսով. / Միշտ թաց է եղել մեր աչքն արցունքից, / Եւ աղօ՜տ ենք մենք տեսնում»: Մուշեղ Իշխան նկարագրեց հայրենի հողը. «Անմեղ զոհերու արիւնով եռուն / Հողը ոտքիս տակ կը մնայ միշտ թաց»: Ժ. Աւետիսեանը պատմեց, թէ Մուսա լեռը ինչո՞ւ է տխուր. «Հայի վշտերով խոցուած Մուսա լեռ, / Հայի արիւնով օծուած Մուսա լեռ, / Հայի արցունքով թացուած Մուսա լեռ»: Բայց օր մը, Շարա Տալեան նկատեց, թէ Կոմիտասն է մեր սրտի սփոփանքը, ու երգ մը նուիրեց անոր. «Կոմիտաս.- Լոյսը գցեց քո հայ ազգին, թաց աչքերը համբուրեց»:
Հայ բանաստեղծը այս բառով հիւսեց նաեւ քնարական պատկերներ՝ անձնական յուզումներու նշոյլներ: Սիրոյ գրական արցունք թափելու աւանդութիւնը սկսած ըլլալ կը թուի Սայաթ Նովայով. «Բլբուլի նման լացիլ իմ, / Աչքիրս արնով թացիլ իմ»: Այնուհետեւ, բազմաթիւ քնարներ հեծկլտացին այդ միավանկով: Արտօնեցէք, որ յիշեմ ընտիր օրինակներ: Կ՛արժէ այդ պատառիկները հանդարտընթաց եղանակով ընթերցանել. «Ուռենեաց ներքեւ արտասուաթաց քնարներու վրայ երգել»՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, «Նուաստանալ թաց աչքերուն ցոյցով սին»՝ Արտաշէս Յարութիւնեան, «Զով շաղերուդ կախարդանքը թաց»՝ Միսաք Մեծարենց, «Իմ սրտում սառած այս աշունը թաց»՝ Վահան Տէրեան, «Քնարիս լարերը թաց են»՝ Սիամանթօ, «Ու տրտում էին քո աչքերը թաց», «Ծիածանէ քո աչքերը թաց», «Աշնան հովերը թաց»՝ Եղիշէ Չարենց, «Մարգերը թաց կ՛արտաշընչեն զովութիւն…»՝ Դանիէլ Վարուժան: Օր մը, Սմբատ Շահազիզի աչքերը դարձան թաց, քանզի երազին մէջ լսեր էր իր մօր անուշ ձայնը. «Կրծքին սեղմեց կարօտագին. / Աչքերս սրբեց, շատ թաց էր»:
Հայկական երգարուեստը անտարբեր չէր կրնար մնալ «թաց» բառին դիմաց: Ժողովուրդի երգն էր անիկա՝ անոր սրտէն փխած: «Վարդերը շաղով թաց են, / Եար, բոյիդ մեռնեմ, / Շաղերը սրտիս լացն է, / Ասա, ի՞նչ անեմ», «Ձեր բաղի դուռը բաց ա, / Ոտներդ շաղով թաց ա», «Կոկոնս թոռմած մնաց… / Իմ աչքերը թաց մնաց»: Ապա, մեր աչքերը թացեց Գեւորգ Թոթոխեանի երգի վերածուած բանաստեղծութիւնը՝ «Ծիծեռնակը». «Ծիծեռնակ, ծիծեռնակ… Գիշերը թաց աչքիս / Քունը մօտ չի գալիս»:
Վերջապէս, երկու գուսան երկու երգ յօրինեցին ու մնացին թափ-թաց: Չէ՞ որ հայկական երգն ալ աշխարհ մըն էր, եւ ո՛վ գար հոն՝ անթաց չէր մնար: Յարգելի՛ ընթերցող, թէեւ փոխուած են ժամանակները եւ «թաց» բառը այսօր յաճախ կը յիշուի հազի, անձեռոձիկի, երբեմն ալ՝ նուշի հետ, բայց ես կ՛առաջարկեմ աւանդապաշտ մնալ ու իբրեւ հրաժեշտ՝ մտաբերել այդ երկու գուսաններուն երգերը: Առաջինը խռոված եարի մասին է, Գուսան Շահէնն է յօրինած.
«Այսօր ես իմ եարին տեսայ,
Թուխ մազերը օլորած էր…
Սիրտը ելած, աչքերը թաց,
Անձրեւի պէս վարարած էր»:
Իսկ Գուսան Աշոտի երգի գեղեցկուհին սարի սիրուն եար մըն է.
«Հազար մի ծաղկի մէջ ես մեծացել,
Ծաղկանց ցոլերով մազերդ թացել:
Սարի սիրուն եար, սարի մեխակ բեր,
Ախ, չէ, ի՜նչ մեխակ, սիրոյ կրակ բեր»:
Մինչ յաջորդ հանդիպում՝ մնացէք զուարթ աչքերով: