ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան վարչութեան տնօրէն Իսմայիլ Տեմիր Կիրակի օր հաստատեց, թէ Անգարա Ուքրանիոյ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքեր կը մատակարարէ, միաժամանակ պնդելով, որ այդ համաձայնութիւնը կապ չունի Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ լարուածութեան հետ…
«Մենք Ուքրանիոյ ծախած ենք անօդաչու թռչող սարքերու որոշ քանակ մը: Այնպէս չէ, որ մենք ներկայիս անօդաչու թռչող սարքեր կը ծախենք, երբ լարուածութիւն կը նկատուի Ռուսիոյ հետ: Այդ քանակին մասին նախապէս համաձայնութիւններ եղած են: Ուքրանիա ունեցած է արտադրական եւ ներդրումային կարգ մը նախագիծեր: Անոնք կապ չունին վերջին իրադարձութիւններուն հետ: Պէտք չէ կարծել, որ Թուրքիա Ուքրանիոյ անօդաչու թռչող սարքեր կ՛ուղարկէ Ռուսիոյ հետ լարուածութեան պատճառով», ըսաւ Տեմիր: