ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի զանազան մարզերու 36 խոշորացուած համայնքներու մէջ 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, քուէարկութեան նախնական տուեալներու համաձայն՝ մասնակցեցան քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1 միլիոն 112 հազար 396 քաղաքացիներէն 472 հազար 528ը կամ 42.48 առ հարիւրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքը:
Համայնքապետի ընտրութիւններ տեղի ունեցան Արարատի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Վայոց Ձորի, Շիրակի եւ Կոտայքի խոշորացուած համայնքներուն մէջ:
Նախնական արդիւնքներո Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ համայնքին մէջ յաղթեց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը՝ 5776 ձայներով, անոր յաջորդեց «Էջմիածին» դաշինքը, որ ստացաւ 3872 ձայներ:
ՔՊն յաղթանակ տարաւ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ համայնքին մէջ՝ հաւաքելով 14,732 ձայներ: Դաշնակցութիւնը Աշտարակի մէջ ստացաւ 2730 ձայներ, «Հայրենիք» կուսակցութիւնը՝ 1176:
Արագածոտնի մարզի Թալին համայնքին մէջ ՔՊն ստացաւ 5037 ձայներ, «Զարթօնք»ը՝ 2882, «Հայք»ը՝ 1624, «Մեր համայնքը» դաշինքը՝ 1258:
ՔՊն յաղթեց նաեւ Արարատի մարզի Արտաշատ համայնքին մէջ՝ ստանալով 19,794 ձայներ: «Օրէնք եւ արդարութիւն» կուսակցութիւնը երկրորդն է՝ 9072 ձայներով:
Արարատի մարզի Արարատ համայնքին մէջ եւս ամէնէն շատ ձայները ստացաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը: Իշխող ուժին օգտին քուէարկեցին 4988 ընտրողներ: Երկրորդը Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնն է՝ 4153 ձայներով:
Արարատի մարզի Մասիս համայնքին մէջ յաղթեց «Դաւիթ Համբարձումեան» դաշինքը՝ հաւաքելով 14,943 քուէներ, իսկ ՔՊն ստացաւ 13,461 քուէներ:
Լոռիի մարզի Վանաձոր համայնքին մէջ մեծագոյն թիւով ձայներ ստացաւ «Մամիկոն Ասլանեան» դաշինքը, որուն օգտին քուէարկեցին 12,810 ընտրողներ: «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի օգտին քուէարկեցին 8295 ընտրողներ: «Հայաստանի աշխատաւորական սոցիալիստական» կուսակցութիւնը ստացաւ 4809 քուէներ:
Կոտայքի մարզի Աբովեան համայնքին մէջ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացաւ առաւելագոյն քուէները՝ 10,403, իսկ ՔՊն՝ 8261:
Արագածոտնի մարզի Ապարան համայնքին մէջ յաղթանակ տարաւ «Կարէն Եղիազարեան» դաշինքը՝ հաւաքելով 7421 ձայներ: ՔՊն Ապարանի մէջ ստացաւ 3705 ձայներ:
Արարատի մարզի Վեդի համայնքին մէջ ւ «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը ստացաւ 8666 քուէներ: ՔՊն երկրորդն է՝ 7960 ձայներով: «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը հաւաքեց 3299 ձայներ:
Վայոց Ձորի Ջերմուկ համայնքին մէջ եւս ՔՊն յաղթեց՝ 2544 ձայներով, երկրորդը «Մեր համայնքը» դաշինքն է՝ 236 ձայներով, երրորդը՝ «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը՝ 118 ձայներով: