ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները՝ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա) եւ Պրիս Ռոքֆէօյ (Ֆրանսա) 4 Դեկտեմբերին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ Սթոքհոլմի մէջ, ԵԱՀԿի նախարարական տարեկան հաւաքի շրջագիծին մէջ, 1 Դեկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ 2 Դեկտեմբերին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ առանձին-առանձին հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին:
Համանախագահները ափսոսանք յայտնեցին, որ կարելի չէ եղած կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միացեալ հանդիպում Սթոքհոլմի մէջ՝ իրենց հովանիին տակ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին այդպիսի հանդիպում մը կազմակերպելու, երբ հանգամանքները թոյլ տան շարունակելու քննարկումները, որոնք մեկնարկած էին Նիւ Եորքի մէջ՝ Սեպտեմբերին, եւ Փարիզի մէջ՝ Նոյեմբերին:
Համանախագահները յոյս յայտնեցին, որ այդ կարելիութիւնը շուտ կ՛ընձեռուի:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ համանախագահները հանդիպում ունեցան նաեւ 2022էն սկսեալ ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնելու պատրաստուող երկրին՝ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուին հետ:
ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք եւս մասնակցեցաւ հանդիպումներուն:
Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեան յայտարարած էր, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ՝ նշելով. «Ընդգծեմ, որ հայկական կողմը երբեք չի խուսափել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան մանդատի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շրջանակներում հանդիպումներից»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտառառութեամբ մը դիտել տուաւ, որ Պաքու հրաժարեցաւ այս հանդիպումէն՝ հայ պատգամաւորներուն Արցախ կատարած այցելութեան պատճառով: Ըստ անոր՝ նախատեսուած հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ «անօրէն այցելութիւն» կատարած են Լեռնային Ղարաբաղ: «Իբռեւ պատասխան այդ գործողութիւններուն՝ ատրպէյճանական կողմը աննպատակայարմար սեպեց երկու նախարարներու հանդիպման իրականացումը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ նաեւ կ՛ըսուի, թէ
«Երեւանի այս դիրքորոշումը կը վնասէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն»: