ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քերըն Տանֆրիտ դրական քայլ համարեց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանին 10 գերիներու յանձնումը, ինչպէս նաեւ հայկական կողմէ ականապատ դաշտերու քարտէսներու տրամադրումը: Այս մասին ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Երկուշաբթի օր ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
Ատրպէյճանական APA լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, թէ զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի իրավիճակին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելուն ուղղուած բանակցութիւններու ներկայ վիճակին շուրջ։