ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները 7 Յունուարին նշեցին երկու երկիրներուն մէջ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ տարեդարձը:
Այդ մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ հայ-ամերիկեան երկկողմ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են ճիշդ 30 տարի առաջ` 7 Յունուար 1992ին:
«1992 թուականից ի վեր Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները զարգացրել են ամուր գործընկերութիւն` խարսխուած ժողովրդավարութեան ընդհանուր արժէքների, մարդու իրաւունքների յարգման եւ օրէնքի գերակայութեան վրայ», կ՛ըսուի արտաքին գործոց նախարարութեան էջին վրայ՝ շնորհաւորելով երկու երկիրները այդ կարեւոր տարեդարձին առիթով։