ԵԱՒՈՒԶ ՊԻՆՊԱՅ *
Տիգրանակերտի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւնը:
Հակառակ Covid-ի պատճառով արդէն երկու տարի շարունակուող սահմանափակումներուն, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս «Ընկերային աջակցութեան վերականգնողական եւ յարմարուողական կենտրոն»ը (SOHRAM, ՍՈՀՐԱՄ) Սուրբ Ծնունդը նշեց ասորի, քաղդէացի եւ հայ քրիստոնեայ համայնքներու հետ: Այս տօնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ ՍՈՀՐԱՄի ցանած սերմերը ամրացուցած են իրենց արմատները, ծաղկած եւ պտուղ տուած են: Տօնի լոյսին մէջ հաւաքուած էին ուղղափառ քրիստոնեաներ, կաթոլիկներ, բողոքականներ, սուննի մահմետականներ, ալեւիներ, ասորիներ, հայեր, քիւրտեր եւ արաբներ: Շնորհիւ այն կապերուն, զորս կենրոնը կը ձգտի խթանել տարբեր կրօններու եւ ցեղային խումբերու միջեւ, այս տօնը միասին նշելը դարձած է մնայուն սովորոյթ: Նախաքրիստոնէական ժամանակներէն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը ասորիները եւ հայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն Տիգրանակերտի եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:
1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին, դժբախտաբար, անոնք սպաննուեցան կամ ստիպուած եղան հեռանալու այս շրջանէն: Մենք չենք մոռնար այս զոհերը եւ գիտենք, որ պէտք է նկատի ունենալ պատմական փաստերը:
Պատարագէն ետք, մենք միասին աղօթեցինք պատերազմի զոհերուն համար, խաղաղութեան համար Սուրիոյ, Իրաքի, մեր տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ:
Պատարագի աւարտին, ինչպէս անցեալ տարի, մենք կրցանք եղբայրութեան պահեր ապրիլ մեր սուրիացի եւ հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ:
Անոնք կրօնափոխ հայերու եւ սուրիացիներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին SOHRAM-ին միջկրօնական երկխօսութեան ծրագիրի մը համար՝ նշելով. «Այս ծրագիրին միջոցով, մենք կրցանք գտնել մեր եղբայրները եւ քոյրերը: Մենք ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս հարցով ձեր ունեցած դերին համար»:
Զիս շատ յուզեց այս վկայութիւնը, որ զիս ստիպեց անգամ մը եւս գիտակցիլ միջկրօնական երկխօսութեան մեր ծրագիրի արժէքը: Ամբողջ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզ հնարաւորութիւն տալու համար՝ ձեր հաւատարիմ աջակցութեան միջոցով: Յիշեցէք, որ մենք պէտք ունինք ձեզի՝ մեր գործողութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու համար:
* ՍՈՀՐԱՄի նախագահ
westernarmeniatv.com