ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահականի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հետ: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ օրակարգային շարք մը հարցերու կարգին Քալըն ու Սալիվըն քննարկեցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
«Քննարկուեցան տարածաշրջանի կայունութեան եւ բարօրութեան համար Թուրքիոյ ու Հայաստան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի նշեալ հեռաձայնային զրոյցին մասին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:
Ասոր զուգահեռ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ տարածեց յայտարարութիւն մը՝ պաշտպանութեան նախարարին եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի հանդիպման մասին: Կը նշուի միայն հանդիպման մասին, սակայն այլ մանրամասնութիւններ չկան:
Յիշեցնենք, որ հայ եւ թուրք բանագնացներու առաջին հանդիպումը նախատեսուած է 14 Յունուարին, Մոսկուայի մէջ: