Ժընեւի մէջ, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցան ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները: Մօտաւորապէս 8 ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց հետեւեալը. «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւնները դժուար էին, սակայն արհեստավարժ եւ խորքային: Ամերիկեան կողմը լրջութեամբ մօտեցաւ ռուսական առաջարկներուն եւ հարցերը լուծելու նկատմամբ: Ամերիկացիներուն յստակացուցինք այն պատճառները, ոոնք մեզ մղեցին ապահովութեան երաշխիքներ պահանջելու: Ամերիկացիներուն յայտնեցինք ՆԱԹՕի ընդլայնումին նկատմամբ մեր մտավախութիւններու դրդապատճառները: Ամերիկացիներուն յայտնեցինք, որ Ուքրանիա ներխուժելու ծրագիրներ չունինք, եւ մեր ուժերը պատրաստ վիճակի բարձրացնելը մեր հողերուն վրայ տեղի կ՛ունենայ»։
«Ռուսական պատուիրակութեան հետ Ուքրանիոյ շուրջ անկեղծ եւ յստակ բանակցութիւններ ունեցայ», յայտնեց բանակցութիւններուն մէջ ամերիկեան պատուիրակութեան ղեկավարը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմըն` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները մօտ օրէն Ռուսիոյ հետ այլ ժողովներ գումարել առաջարկեց; Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա համաձայնեցան, որ հիւլէական պատերազմի մը մէջ կարելի չէ յաղթանակ արձանագրել»` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները «որեւէ կողմի պիտի չարտօնեն ՆԱԹՕի բաց դռներու քաղաքականութիւնը փոխել»:
«Եթէ Ռուսիա հեռանայ ներկայ առաքելութենէն, անոր՝ դիւանագիտութեան նկատմամբ լուրջ չըլլալը պիտի բացայայտէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ռուսերը մեզի յայտնեցին, որ մտադիր չեն Ուքրանիա ներխուժելու, եւ ուժերու կուտակումները ռազմափորձեր էին»: Ան Մոսկուային կոչ ուղղեց «իր բարի մտադրութիւնները փաստելու` իր ուժերը հեռացնելով ուքրանական սահմանէն: Ուքրանիա ներխուժելու պարագային Մոսկուայի վճարելիք գինը ելեւմտական պատժամիջոցներ եւ անոր արտածումները թիրախաւորող պատժամիջոցներ պիտի ըլլան»:
«Ամերիկայի համար դիւրին չէ Մոսկուայի հետ երկկողմանի ձեւով երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ ՆԱԹՕի անոր կարգ մը գործընկերներուն Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամական զգացումները կը խոչընդոտեն զայն», իր կարգին յայտնեց ռուս գլխաւոր բանագնաց՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: