ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ 14 Յունուարին Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, հայ-թրքական երկխօսութեան գծով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու առաջին հանդիպման:
«Երկխօսութիւնը, ինչպէս գիտէք, երկու երկիրներուն միջեւ է, մենք այդ ձեւաչափին մէջ ընդգրկուած չենք: Մենք բազմաթիւ անգամներ ներկայացուցած ենք մեր սկզբունքային դիրքորոշումը, այն է՝ աջակցութիւն երկկող յարաբերութիւններու կարգաւորման, երկխօսութեան կառուցման, յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ գործնական աջակցութիւն կը ցուցաբերենք այդ բոլորին», ըսաւ ան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ հայ-ատրպէյճանական արեւելեան սահմանին տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, որոնց պատճառով հայ զինուորներ զոհուեցան: Զախարովա յայտնեց, որ ռուսական կողմը լրջօրէն անհանգստացած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի հերթական լարուածութեամբ եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ զերծ մնալու ուժային մեթոտներու կիրարկումէն եւ բոլոր վիճելի հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ուղով:
«Իբրեւ երկարաժամկէտ հեռանկար՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հիմնական բաղադրիչը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի սահմանագծման եւ յաջորդիւ սահմանազատման գործընթացի կարելի եղածին չափ արագ գործարկումն է, ինչպէս որ ճշդուած է երեք պետութիւններու ղեկավարներու՝ նախորդ տարուան 26 Նոյեմբերին Սոչիի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ: Կարեւոր գործ է համապատասխան երկկողմանի յանձնաժողովի ստեղծումը, Ռուսիա պատրաստ է տրամադրել համակողմնանի խորհրդատուական աջակցութիւն», յայտնեց Զախարովա:
Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարք մը սադրանքներու գործադրութիւնը, երբ թշնամին կրակ բացաւ Կարմիր Շուկա, Թաղավարդ եւ Նախիջեւանիկ գիւղերուն ուղղութեամբ: Լրագրողը նկատել տուաւ, որ այս միջադէպերով ատրպէյճանական կողմը կարծես կը փորձէ ստուեր նետել Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան վրայ:
«Եթէ նոյնիսկ մէկը կը փորձէ ստուեր նետել մեր խաղաղապահներուն վրայ, ի զուր է, որովհետեւ անոնց աշխատանքը լաւ համակարգուած է, յստակ է եւ կը բխի ճգնաժամի կարգաւորման շահերէn», յայտնեց Զախարովա: