ՊՈԼԻՍ․- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքէն ստացուած եւ 14 Յունուար թուակիր հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք, թէ Սահակ Բ. պատրիարքը, որ քանի մը օրէ ի վեր տկար կը զգար, Հինգշաբթի օր դիմած է «Քովիտ 19»ի քննարկման, որուն արդիւնքը եղած է «դրական»։
Կը հաղորդուի, որ պատրիարքը երկու անգամ պատուաստուած է, հակառակ այն իրողութեան, որ ան պատուաստումներուն դէմ արտայայտուած էր։
Պատրիարքարանի իր յարկաբաժինին մէջ պատրիարքը սկսած է բոլորել մեկուսացման շրջանը։ «Մեր հոգեւոր պետին առողջական վիճակը կը գտնուի բժշկական հակակշիռի տակ եւ որեւէ մտահոգիչ վիճակ չի պարզեր», կը վստահեցնէ պատրիարքարանը։