ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 5:30ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդուեցաւ Բերձոր քաղաքի 1953ի ծնունդ բնակիչ Անդրանիկ Հրանտի Ալեքսանեանի անհետ կորսուելուն մասին:
Ահազանգի հիման վրայ ձեռնարկուած միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք պարզուեցաւ, որ յիշեալ քաղաքացին յետմիջօրէի ժամը 3ի շուրջ, Բերձոր քաղաքի մօտակայքը մոլորելով՝ յայտնուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ վերջիններուն կողմէ բռնուած է:
Դէպքին մասին անմիջապէս տեղեակ պահուեցան ռուս խաղաղապահները։
Տեղի ունեցան բանակցութիւններ` զայն վերադարձնելու նպատակով։