ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պելճիքական Le Vif Weekend առցանց պարբերականը հրապարակած է Հին Հռոմէական ժամանակաշրջանի (Ք.Ա. 753– Ք.Ե. 476) ժառանգութեան վերաբերող լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններու ցանկը: 51 ամէնէն գեղեցիկ յուշարձաններուն մէջ է նաեւ Գառնիի հայկական հեթանոսական տաճարը, որ կը գտնուի Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ:
Գառնին կը գրաւէ ցանկին 37րդ դիրքը:
Գառնիի հեթանոսական տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. առաջին դարուն՝ Տրդատ Ա. թագաւորին ջանքերով: