Իրանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Պուշեհր ծովափնեայ քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցի մը վերանորոգուած է:
«Սփութնիք Արմէնիա»ն, յղում կատարելով «Թեհրան Թայմզ»ին յօդուածով մը կը հաղորդէ, որ աւարտած է հայկական եկեղեցւոյ տարածքի բարեկարգման ու մաքրութեան ծրագիրը, տեղւոյն իշխանութիւնը կը նախատեսէ մօտիկ ապագային այցելուներու համար բանալ պատմական յուշարձանը:
Վերակառուցման ենթարկուած են վանքի հին շէնքը, ներքին բակը եւ այլ շինութիւնները: Բացի այդ, աշխատանքներ կը տարուին տաճարի տարածքին մէջ տապանաքարերը փաստագրելու ուղղութեամբ:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Պուշեհրի հայկական եկեղեցին նաւահանգիստ ունեցող քաղաքի կարեւոր եւ նշանակալի պատմական յուշարձաններէն է:
«Իրանը տուն է բազմաթիւ եկեղեցիներու, մատուռներու եւ տաճարներու: Արեւելեան Ատրպէյճան (Ատրպատական-Խմբ․) եւ Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգներու Սուրբ Թադէի, Սուրբ Ստեփանոսի եւ Ծործորի (Ձորձոր) եկեղեցիները 2008ին ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Պուշեհրի հայկական եկեղեցին կառուցուած է Քաճարի տոհմի իշխանութեան օրերուն (1795-1925) Աւադեան ընտանիքին կողմէ, որ քաղաքի յայտնի հայ ընտանիքներէն մէկն էր: