ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 26-29ին ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի կողմէ Երեւանի մէջ պիտի գումարուի ԱՊՀ անդամ երկիրներու հակաահաբեկչական ստորաբաժանումներու ղեկավար անձնակազմի հաւաքը:
Հաւաքին հրաւիրուած են ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու պատուիրակութիւններ, կանոնադրական եւ աշխատանքային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հաւաքի շրջանակներով տեղի պիտի ունենան «Աթոմ-հակաահաբեկչութիւն-2006» համատեղ ռազմափորձերը:
Դիտորդի կարգավիճակով հրաւիրուած են «Ութերու խումբ»ի պետութիւններու, ԵԱՀԿ քարտուղարութեան հակաահաբեկչական ստորաբաժանման, ՄԱԿի անվտանգութեան խորուհրդի հակաահաբեկչական կոմիտէի, ՄԱԿի թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան, ինչպէս նաեւ Շանկհայի գործակցութեան կազմակերպութեան հակաահաբեկչական տարածաշրջանային կառուցուածքներու ներկայացուցիչները: