ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցան թենիսի խմբային «Տէյվիս» բաժակի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները։ Արժանթին հիւրընկալեց Աւստրալիան, իսկ Ռուսիա՝ Միացեալ Նահանգները։
Աշխարհի մէջ 4րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան եւ Հոզէ Աքասիւսօ անհատական մրցումներուն յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Մարք Ֆիլիփուսիսը եւ Լէյթըն Հիւիթը։ Զոյգի մրցումներուն եւս Նալպանտեան եւ Օկուսթին Քալերի յաղթանակ մը արձանագրեցին, 1981էն ետք առաջին անգամ ըլլալով ապահովելով աւարտականի տոմսը:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին ցարդ իր կատարած տասը մրցումներուն ալ Նալպանտեան բոլորէն ալ յաղթական դուրս եկաւ։
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 1էն 3 Դեկտեմբերին, Արժանթին Մոսկուայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ, որ իր տոմսը ապահովեց 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միացեալ Նահանգները։