ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, պաղեստինեան ընտանիքի մը չորս անդամները, պաղեստինցի զինեալ մը, ինչպէս նաեւ երկու ուրիշներ զոհ գացին դէպի Կազա իսրայէլեան նորագոյն ներխուժումին, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 20 իսրայէլեան հրասայլեր:
Մէկ օր առաջ, դիմակաւոր զինեալներ Կազայի մէջ սպաննած էին «Ֆաթհ»ի զինեալ թեւին ղեկավարներէն մէկը՝ առաւել եւս սրելով իշխանութեան պայքարի իբրեւ արդիւնք պաղեստինեան շրջաններուն մէջ ծայր առած ապահովական տագնապը։ «Ֆաթհ» այս ոճիրին պատասխանատու համարեց «Համաս»ը։ Առնուազն 19 պաղեստինցիներ սպաննուած են այս ամիս տեղի ունեցած միջպաղեստինեան բախումներու ընթացքին։
Միւս կողմէ, իսրայէլացի կարգ մը նախարարներ կոչ ուղղեցին շղթայազերծելու զինուորական գործողութիւն մը՝ գրաւելու համար Կազայի հարաւային շրջանները՝ Եգիպտոսէն զէնքի մաքսանենգումը արգիլելու համար:
Պաղեստինեան կառավարութեան բանբեր Ղազի Համատ դատապարտեց Եգիպտոս-Կազա անցքը վերագրաւելու մասին յայտարարութիւնները: