ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Հոկտեմբեր 21-22ին տեղի ունեցաւ համաարցախեան երիտասարդական առաջին խորհրդակցութիւնը, զոր նախաձեռնած էր ԼՂՀ կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան արտադպրոցական եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինը:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին Ստեփանակերտի եւ շրջաններու երիտասարդութեան, երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողական խորհուրդներու ներկայացուցիչները:
Խորհրդակցութեան հիմնական նպատակն էր վեր հանել Արցախի երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները եւ առաջադրել անոնց լուծման ուղիները, անդրադառնալ երիտասարդական դաշտին մէջ կատարուող տեղաշարժերուն, երիտասարդական կառոյցներու դերին եւ նպաստել գիւղ-շրջկեդրոն-մայրաքաղաք երիտասարդական կապերու ամրապնդումին։