ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Վիեննայի մէջ Սեպտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 50րդ յոբելենական խորհրդաժողովի բացումը, ուր ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշեր:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան: Խորհրդաժողովի ընթացքին քննուեցան միջուկային ուժանիւթի անվտանգ օգտագործման եւ միջուկային զէնքի չտարածման նպաստելու՝ գործակալութեան յառաջիկայ ծրագիրները:
Իր ելոյթին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարը նշեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է իր յանձնառութիւններուն եւ կողմ է հիւլէական ուժանիւթի բացառապէս խաղաղ օգտագործման եւ յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը լրջօրէն կը քննէ համաշխարհային հիւլէական հանրութեան անդամ մնալու հեռանկարը եւ Մեծամօրի հիւլէակայանը շահագործումէն հանելուն զուգահեռ կ’ուսումնասիրէ նոր հիւլէակայան կառուցելու այլընտրանքը:
Արման Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց գործակալութեան եւ բոլոր այն երկիրներուն, որոնց հետ Հայաստան կը գործակցի Մեծամօրի հիւլէակայանի՝ 1995ին վերագործարկելէ ի վեր: