ԱՌԱՉՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ Գ. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրներուն, Կիրակի, 17ի յետմիջօրէին մեկնեցաւ Երեւան, մասնակցելու համար Հայաստան-Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովին։
Առաջնորդը Երեւան հասնելով միացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ այս խորհրդաժողովին մասնակցող պատուիրակութեան։
Եռօրեայ խորհրդաժողովին կողքին, առաջնորդը մասնակից եղաւ վեհափառի շրջապտոյտին ու տեսակցութիւններուն, Էջմիածինի մէջ եւ այլուր։
Ան նաեւ ներկայ եղաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերահաստատման 15ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն ու ձեռնարկներուն։ Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, անկախութեան տարեդարձին առիթով, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք, որուն ներկայ եղան հոգեւոր պետեր եւ պետական դէմքեր։ Առաջնորդը Արամ Ա. կաթողիկոսի շքախումբին անդամի իր հանգամանքով ներկայ եղաւ այս արարողութեան։
Առաջնորդ սրբազանը, վեհափառին ընկերանալով, այցելութիւններ տուաւ Սարդարապատ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակը եւ պետական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովի փակման հանդիսութեան։
Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻՆ
Ամառնային արձակուրդէն ետք, նոր թափով կը վերսկսին Թեմիս պատանեկանի եւ երիտասարդականի յատուկ կրօնադաստիարակչական Սուրբ Գրոց սերտողութեան պահերն ու յարակից գործունէութիւնները, հովանաւորութեամբ մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն ու հոգաբարձութեանց։
Երկուշաբթի երեկոները, ժամը 7էն սկսեալ, սերտողութիւնները տեղի կ՚ունենան Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։
Երեքշաբթի երեկոները, ժամը 7։30էն սկսեալ, Սուրբ Գրային սերտողութիւն տեղի կ՚ունենայ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։ Առաջին սերտողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին։
Կազմակերպութեամբ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Երիտասարդաց միաւորին, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ի երեկոյեան պիտի սկսի կրօնադաստիարակչական հոգեւոր լսարաններու շարք մը եւ պիտի շարունակուի ամսական դրութեամբ։ Դասախօսութիւնները պիտի ներկայացնեն Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչները՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանն ու Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Առաջին հանդիպումին, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան պիտի ներկայացնէ «Աստուածաշունչի բովանդակութիւնը» նիւթը։ Սերտողութիւնները տեղի պիտի ունենան Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ. պիտի իրագործուի գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր եւ հոգեւոր երգերու ներկայացում։