ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնութագրւում են որպէս դաշնակցային եւ աչքի են ընկնում դրական ուժականութեամբ», ըսուեցաւ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի՝ Հոկտեմբեր 30-31ին Ռուսիա նախատեսուած աշխատանքային այցի առնչութեամբ:
Հոկտեմբեր 23ին Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ «Հայաստանի ղեկավարի հերթական այցը կոչուած է ռուս-հայկական յարաբերութիւնները հասցնել համալիր գործընկերութեան աւելի բարձր մակարդակի»: