ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 25ին ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի եւ Քանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Արա Ահարոնեանը եւ Հայաստանի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան վարչութեան ատենադպիր Կարէն Կակոյեանը:
ԼՂՀ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն փոխանցելով կուսակցութեան պաշտօնական շնորհաւորանքները Արցախի անկախութեան հռչակման 15րդ տարեդարձի կապակցութեամբ՝ հիւրերը վերահաստատեցին կուսակցութեան Սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցներու զօրակցութիւնը Արցախի վերականգնման եւ զարգացման գործին:
Հանդիպման ընթացքին ԼՂՀ նախագահը ընդգծեց Սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցներուն հետ առկայ գործակցութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Արցախի առջեւ ծառացած խնդիրները հնարաւոր է լուծել միայն ողջ հայութեան ջանքերու համատեղումով: