Սեպտեմբեր 17ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Տարֆուրի (Սուտան) ցեղասպանութիւնը դատապարտող ժողովրդային հաւաք մը, որուն գլխաւոր կազմակերպիչն էր Save Darfur Now կազմակերպութիւնը, որ իր շուրջ կը համախմբէ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին՝ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Ցոյցի հանդիսավարն էր մարդկային իրաւանց պաշտպան Ճասթին Թրուտօ՝ զաւակը նախկին վարչապետ Փիեռ Թրուտոյի:
Պրն. Թրուտօ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու հրամանատար, ներկայիս Քանատայի ծերակոյտի անդամ Ռոմէօ Տալէր, որ դատապարտեց սուտանցի անմեղ քաղաքացիներու հանդէպ գործադրուող բռնարարքները կանխելու միջազգային ընտանիքի անբաւարար աշխատանքը:
Օթթաուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները ներկայ էին այս հաւաքին եւ յատուկ հանդիպումներ ունեցան Ճասթին Թրուտոյի, զօրավար Տալէրի եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Նշենք, որ CBC հեռատեսիլի կայանը հարցազրոյց ունեցաւ Արիս Պապիկեանի հետ, որ դատապարտեց Տարֆուրի մէջ կատարուող անմարդկային արարքները եւ օրինակ բերաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Հաւաքի աւարտին, միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակուեցաւ զանազան կազմակերպութիւններու անունով, որոնց շարքին էր Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: