Իրանի սահմանադրական շարժման 100ամեակին առիթով խումբ մը հայ երիտասարդներ ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ մեծարեցին հայ ազատագրական շարժման անխոնջ մարտիկներէն Եփրեմ Խանը, որ իր անժխտելի դերը ունեցած է Իրանի սահմանադրական շարժման ձեւաւորման եւ առաջատարման գծով: Եւ այսպէս, 18 Օգոստոսին, Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր տեղադրուած է Եփրեմ Խանի կիսանդրին, երիտասարդները հնչեցուցին «Արիւնոտ դրօշ» յեղափոխական երգը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Արսէն քհնյ. Աւետեանի կողմէ:
Այս առիթով խօսք առաւ «Ալիք» օրաթերթի խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը, որ ողջունեց հայ երիտասարդութիւնը իր այս ինքնաբուխ ձեռնարկին առիթով: Ան նաեւ ընդգծեց Եփրեմի դերը Իրանի սահմանադրական շարժման մէջ:
Հոգեհանգստեան եւ մեծարման արարողութեան աւարտին տասնեակ այցելուներ ու մասնակիցներ խնկարկեցին Եփրեմի յիշատակին եւ երգելով «Անկեղծ զինուոր»ը վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ մեծ հայու սխրանքին ու գաղափարին հետ: