ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24ին արդէն 43րդ անգամ մատուցուող աւանդական հարիսայով եւ յաղթական շուրջպարով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձը:
Տօնակատարութեան մասնակցեցան հիւրեր Հայաստանէն եւ արտասահմանէն, նախկին մուսալեռցիներու ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայեր: «Մուսա լեռ» հայրենակցական-բարեգործական միութեան նուիրաբերած միջոցներով տօնախմբութեան զոհաբերուեցաւ 37 ոչխար:
Միջոցառումը սկսաւ օրհնութեամբ եւ հարիսան օրհնեց Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը: