ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին դարձեալ բռնի ուժի դիմեց, այս անգամ զսպելու համար երկրին բանտային դրութեան ու յատկապէս խիստ հսկողութեան տակ գտնուող բանտերու մէջ տիրող կացութեան դէմ բողոքողներու ցոյց մը:
Ցոյցը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ եւրոպական եւ ասիական բաժինները միացնող Վոսփորի կամուրջին վրայ:
Վիրաւորուեցան քանի մը ցուցարարներ եւ ձերբակալուեցան քանի մը ուրիշներ: