Ա՜խ, ինչ ըսեմ, զո՞րն ասեմ, զորը խոստովանիմ:
Փոխանակ հիւանդանոց մը հեռաձայնելու, հեռաձայնեցի կնոջս, ըսելով՝ կուրծքս կը ցաւի, անհանգիստ եմ, խանութը պիտի գոցեմ եւ գամ:
Ինքնաշարժս առի ու… դէպի բնակարանս: Տանս դրան առջեւ շնչասպառ ինկայ գետին: Անմիջապէս շտապ օգնութեան մեքենան հասաւ, արուեստական բոլոր փորձերը կատարեցին, որ շունչ տան թոքերուս, բայց ի զուր, ամէն բան, ուշ էր:
Մեռնելէս ետք անդրադարձայ, որ երբեմն բժիշկներուն պէտք է կարեւորութիւն տայի: Հէյ վա՜խ:
12 տարեկանիս հայրս մահացաւ: Նիւթական պատճառներով դպրոցը ձգեցի եւ ոսկերչութիւն սկսայ սորվիլ մօրեղբօրս քով: Մօրեղբայրս ճարպիկ մարդ էր, դրամը կը շահէր ջուրի պէս: Մայրս միշտ գովեստով կը խօսէր իր եղբօր շնորհներուն մասին: «Հացը քարէն կը հանէ իմ եղբայրս», կ’ըսէր:
Սկսայ մօրեղբօրս բոլոր լաւ եւ «լաւ» յատկութիւններուն ուշադրութեամբ հետեւիլ: 20 տարեկանս հազիւ բոլորած, շրջապատս արդէն հարուստ կը սեպէր զիս: Ամուսնանալով հարուստի մը աղջկան հետ, աւելի հարստացայ, զաւակներ, զաւակներ, զաւակներ…:
Ամէն ինչ ունեցայ, բացի՝ ուսումէ: Հայրս շատ կը փափաքէր զարգացնել իր միակ տղան: Հիմա հասկցայ. երանի հարստութեանս միայն կէսը ունենայի, իսկ միւս կէսին փոխարէն 10 տոկոս ուսում ստանայի:
Հիմա, որ մահացած եմ, չեմ գիտեր, ինչպէ՞ս պէտք է մեղքերս քաւեմ, պրն. թղթակից, զղջացած եմ զարգացում չունենալուս… հոս, այս աշխարհին մէջ անգամ, ուսում ունեցողը աւելի յարգի է:
Եթէ կարելիութիւն ունենամ անգամ մը եւս վերադառնալ աշխարհ եւ օդ շնչել, հարստութեանս ներած չափով օգտակար պիտի ըլլամ բոլոր այն անչափահաս հայ որբերուն, որոնք կը զրկուին ուսումէն: Նախ համոզել իրենց մայրերը եւ յետոյ վճարել իրենց զաւկին դպրոցականը, առանց իմացնելու, թէ ո՞վ է իրենց օգտակար եղողը:
Կինս այրիացաւ 51 տարեկանին. իր ունեցած հարստութիւնը կը բաւէ եղեր իրեն, չամուսնացաւ, որովհետեւ՝ «այն, որ կու գայ իր հետ ամուսնանալու», իր ունեցած դրամին համար կու գայ եղեր:
Բայց ինչու մեղքս պահեմ, չորս հինգ տարի տարելիցիս օրը հոգեհանգիստ ըսել տուաւ եւ հողակոյտիս այցելութեան եկաւ, ուրախացայ, որմէ ետք պառկեցաւ այն դրամին հետ, որ բաժին ինկած էր իրեն, իմ հարստութենէս… ժառանգը:
Իմ զաւակներս ամուսնացան, շատ հանգիստ են եւ ուրախ, իւրաքանչիւրը պէտք եղած ուսումն ու հարստութիւնը ունի: Կը մնայ իրենց զաւակներուն յարգը գիտնան:
Եթէ ժամանակին բժիշկին հասած ըլլայի, հիմա թոռնիկներուս հետ կը խաղայի: Իրենց բարձրագոյն ուսումը միակ մտահոգութիւնս կ’ըլլար: