ՎԱՆԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր Դսեղի մէջ, Սեպտեմբեր 24ին բացումը կատարուեցաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» խորագիրով տիկնիկային քառօրեայ փառատօնին: Տիկնիկային գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոնի (UNIMA) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջոցառման կը մասնակցին 20 տիկնիկային թատրոններ Երեւանէն, Ախալքալաքէն, Վանաձորէն, Գիւմրիէն, Գորիսէն, Իջեւանէն, Էջմիածինէն, Մեծամօրէն եւ Շուշիէն: Փառատօնի կազմակերպման մտայղացումը տիկնիկային գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոնի նախագահ, բեմադրիչ Արմէն Սաֆարեանինն է, որուն ակնկալմամբ, առաջին անգամ կազմակերպուող այս փառատօնը ապագային կը դառնայ աւանդական եւ միջազգային:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութան ընթացքին տեղի ունեցաւ բացօթեայ թատերականացուած տօնախմբութիւն:
Փառատօնի չորս օրերու ընթացքին Դսեղի մշակոյթի տան եւ գիւղապետարանի դահլիճներուն մէջ պիտի ցուցադրուին «Չախչախ թագաւորը», «Հայի բախտ», «Շունն ու կատուն», «Անխելք մարդը», «Կիկոսը», «Քէֆ անողին քէֆ չի պակսի», «Ծիտը», «Բարեկենդանը» եւ «Պոչատ աղուէսը» ներկայացումները:
Փառատօնային իւրաքանչիւր օր պիտի ամփոփուի «երեկոյեան ակումբով», ուր պիտի քննուին օրուան բեմականացումները:
«Թումանեանական հեքիաթի օրերուան» կ’աջակցին Պէլլա Քոչարեան, Բաց հասարակութեան օժանդակութեան հաստատութիւնը, «Կրանտ Քենտի» ընկերութիւնը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, Երեւանի կեդրոն համայնքի թաղապետարանը, «Կիլիկիա» գարեջուրի գործարանը ու «Զիգզագ» ընկերութիւնը: