ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- «Քայիտա»ի թիւ 2 ղեկավար Այման Զաուահիրի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին պատկերասփռուած յայտարարութեան մը մէջ ըսաւ, որ ամերիկացիք Իրաքի գծով «Քայիտա»ի հետ պէտք է բանակցին։ Ան նաեւ հաւասարապէս քննադատեց պաղեստինեան իշխանութեան նախագահն ու «Համաս» շարժումը։
«Ճազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի սփռած յայտարարութեան մէջ Զաուահիրի Միացեալ Նահանգներուն ըսաւ, որ ան Իրաքի մէջ սխալ մարդոց հետ կը բանակցի։
«Թէ՛ հանրապետականներուն, թէ՛ ալ դեմոկրատներուն կ՚ուզեմ ըսել. դուք ձեր ուժերուն հեռացումը ապահովելու համար փորձեր կ՚ընէք բանակցելու որոշ կողմերու հետ. բայց այդ կողմերը ձեզի ելք պիտի չկարենան տալ, եւ ձեր փորձերը միայն ձախողութեան պիտի մատնուին», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Կը թուի, թէ ձախողած կամ ապարդիւն բանակցութիւններու յոգնեցուցիչ ու տառապալից ճանապարհով մը պիտի ընթանաք, մինչեւ որ ստիպուիք վերադառնալու եւ բանակցելու իսկական ուժերուն հետ»։
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Պաղեստինի մէջ ամերիկացիներուն մարդն է», ըսաւ Զաուահիրի՝ զգուշացնելով, որ եթէ պաղեստինցիք զայն ընդունին իբրեւ նախագահ, ապա վերջ դրած պիտի ըլլան իրենց ազատագրական պայքարին։ Ապպասի եւ անոր գլխաւորած «Ֆաթհ» շարժումին ակնարկելով՝ Զաուահիրի ըսաւ, որ «անոնք, որոնք կը փորձեն իսլամական հողերը ազատագրել աշխարհիկ սահմանադրութիւններու հիմամբ ընտրութիւններով, նաեւ Պաղեստինը՝ հրեաներուն պարգեւած միջազգային որոշումներու հիմամբ բանակցութիւններով, պիտի չկարենան ազատագրել պաղեստինեան աւազի մէկ հատիկ»։
Յայտնենք, թէ Ապպաս կը ծրագրէ կանխահաս ընտրութիւններ կայացնել, հակառակ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահոված «Համաս»ի ընդդիմութեան:
Զաուահիրի չխնայեց պաղեստինեան կառավարութիւն կազմած իսլամական «Համաս» շարժումին եւս, առանց ուղղակիօրէն անոր անունը յիշելու։ Անոր համաձայն, «Համաս» կատարած է շարք մը զիջումներ, որոնք ի վերջոյ պիտի յանգին Իսրայէլի ճանաչումին։ Ըստ Զաուահիրիի՝ այս զիջումներէն առաջինը Իսրայէլի հետ զինադադարը ընդունիլն էր, երկրորդը՝ աշխարհիկ սահմանադրութեան մը հիման վրայ կատարուած երեսփոխանական ընտրութիւններու մասնակցիլը, իսկ երրորդը՝ կառավարութիւն մը կազմելով՝ Մահմուտ Ապպասը իբրեւ նախագահ ճանչնալը։
«Իսլամական շարժում մը չե՞ն. Աստուծոյ խօսքը գերագոյն օրէնք դարձնելու համար չե՞ն պայքարիր. ինչո՞ւ չպնդեցին, որ Պաղեստին պէտք է ունենայ իսլամական սահմանադրութիւն մը», հարց տուաւ ան։
Նկարին մէջ, Զաուահիրի Չորեքշաբթի օր սփռուած ելոյթին ընթացքին: