Հոկտեմբերի վերջին Ուրբաթը աննախընթաց օր մը ապրեցաւ «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարան ընտանիքը:
Հայկական բաժանմունքի եւ Աշակերտական խորհուրդի գործակցութեամբ, տարիներու գեղեցիկ այս աւանդոյթը այս տարի եւս շարունակուեցաւ նոր աւիշով ու շունչով:
Աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ բոլորն ալ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին հայ մշակոյթը վերակենդանացնելու սուրբ աշխատանքին համար:
Օրուան հանդիսութիւնները սկսան առաւօտեան 10ին՝ գեղարուեստական հանդէսով: Ծնողները արդէն հաւաքուած էին վայելելու համար մանկապարտէզի ու նախակրթարանի իրենց աշակերտներուն ելոյթները: Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Առնէլեան: Հայ մշակոյթի պատգամը փոխանցող հակիրճ բացման խօսքէ մը ետք բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարի վայելում:
Աշակերտները հերթականութեամբ՝ մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ վեցերորդ դասարան, օրինաւոր կերպով բեմ բարձրացան ու իրենց անհատական ու հաւաքական ձիրքերը ներկայացուցին, ուրախացնելով եւ հպարտացնելով թէ՛ ուսուցիչները եւ թէ ծնողները: Իւրաքանչիւր դասարան նախ ներկայացուց քանի մը երգ: Աշակերտական երգչախումբերը ղեկավարեց Լուսինէ Գալստեանը եւ դաշնակով երգչախումբին ընկերակցեցաւ Արմինէ Աբրահամեանը: Շատ գեղեցիկ երգեցողութեամբ աշակերտները մեկնաբանեցին հայկական երգեր, որոնք իրենց մանկական թոթովանքներով անգամ մը եւս փաստեցին մեր ոսկեղնիկ լեզուին գեղեցկութիւնը:
Սիրով ու խանդավառութեամբ ներկայացուած իւրաքանչիւր հատուած ծնողներուն մօտ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ ու առաւել եւս քաջալերեց աշակերտները իրենց ելոյթներուն ընթացքին: Սրահը լեցուն էր թէ՛ բազմութեամբ եւ թէ հայ երգով ու արուեստով:
Երգերէն ետք, իւրաքանչիւր դասարան ներկայացուց խմբային եւ անհատական ասմունքներ ու ասացուածքներ, որոնք պատրաստուած էին երենց հայերէնի դասատուներուն կողմէ: Աշակերտները շատ լաւ առոգանութեամբ ու ելեւէջներով պատգամներ փոխանցեցին եւ մանկական անմեղութեամբ բոլոր ներկաները կրցան փոխադրել դէպի հայրենի աշխարհ եւ երբեմն յիշատակներ արթնցուցին ներկաներուն մէջ իրենց աշակերտական տարիներէն մնացած: Այս պահուն մանկացած էր իրենց շուրթերուն վրայ «մեր ալեհեր հայոց լեզուն»:
Հանդիսութեան աւարտին, ծնողները առիթ ունեցած դիտելու սրահին մէկ անկիւնր զետեղուած աշակերտական ձեռային աշխատանքները, որոնք կը ներկայացնէին մեր հայկական ճարտարապետութեան իւրայատուկ նմուշները՝ եկեղեցիները: Նաեւ պատրաստուած էր ցուցահանդէսի ուրիշ բաժին մը, ուր ամէն աշակերտ իր տունէն բերած մէկ իրով մասնակցութիւն կը բերէր անոր: Հայկական զարդեղէններու եւ արուեստի գործերու հսկայ հաւաքածոյ մը գոյացած էր սրահէն ներս…: Այս բաժինը եւս բաւական հետաքրքրական էր ու կը փաստէր, թէ հայ մանուկը ոչ միայն կենդանի խօսքով ու անմիջական պատգամներով կը դաստիարակուի, այլ անոր տան իրերն անգամ իրեն անուղղակի պատգամ ունին, դէպի հայրենիք նայող աչք մը կը բանան անոր հոգիին մէջ եւ հայ մշակոյթի հանդէպ սէր, գուրգուրանք եւ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն մանուկ հասակէն սկսած:
Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք, ներկաները հիւրասիրուեցան աւանդական հատիկով եւ ապա վարժարանի շրջաբակ անցան, շարունակելու համար մշակոյթի տօնակատարութիւնը, այս անգամ խրախճանքով ու հայկական խոհանոցի առատ բարիքներով: Աշակերտական խորհուրդի անդամները շրջափակը զարդարած էին փուչիկներով ու եռագոյններով, իսկ հայկական երաժշտութիւնը լեցուցած էր բակը եւ անշուշտ՝ մեր հոգիները:
Ուտելիքներու եւ երաժշտութեան կողքին, աշակերտները նաեւ ունէին խաղեր եւ զուարճութեան առիթներ:
Ամէնէն հետաքրքրական բաժինը հայկական պարի մրցանքն էր, որ աշակերտները իրենց ջանքերով կազմակերպած, պատրաստած ու ներկայացուցած էին: Այնքան գեղեցիկ էին մեր աշակերտուհիներուն պարերը, որ բուռն գնահատանքի արժանի դարձան անոնք բակի բոլոր հանդիսատեսներուն կողմէ: Վստահաբար անոնց մէջ կան ապագային միջազգային պարախումբերու կամ համաշխարհային պալէի խումբերու մենակատարները, որոնք այս օրերը պիտի յիշեն հպարտութեամբ, ուր իրենց առաջին պարերը կը պարեն եւ կը գնահատուին իրենց «ընտանիք»ի անդամներուն կողմէ:
Փառատօնը իր աւարտին հասաւ դպրոցական օրուան աւարտին եւ աշակերտները իրենց խանդավառութիւնը շարունակեցին անընդհատ խօսելով, պատմելով, արտասանելով, երգելով ու պարելով, այն բոլորը, որ ապրեցան քանի մը ժամուան ընթացքին: Այո՛, անոնք ապրեցան քանի մը ժամ, սակայն անոնց հմայքը եւ ներգործութիւնը իրենց հոգիներէն ներս կը մնայ առյաւէտ: Հայկական վարժարանի մէջ աշակերտը իր դասերուն եւ գիտելիքներուն կողքին ազգային իր էութիւնը սնուցանող մթնոլորտ մը կ’ապրի, որուն բարիքները կը քաղէ ինք ամբողջ կեանքի տեւողութեան:
Անգամ մը եւս, տարի մը եւս բոլորս միասին մեր ուխտը վերանորոգեցինք հայ մշակոյթի արթուն հսկիչները ու պահակները մնալու նախանձախնդրութեամբ: