ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որմէ ետք ան յայտարարեց, թէ Ասատ արաբական նախաձեռնութեան կը զօրակցի։
Մուսա կ’առաջարկէ ազգային միասնութեան կառավարութեան կազմութիւն, ընտրական նոր օրէնքի որդեգրում եւ նոր խորհրդակցութիւններ՝ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի մը կազմութեան նպատակով:
Մուսա Դամասկոսի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոաալէմի հետ, դրական որակելով հանդիպումը:
Մուսա, որ Հինգշաբթի երեկոյեան Լիբանան վերադարձաւ, զգուշացուց, թէ Լիբանան Իրաքի կրնայ վերածուի, եթէ արաբական նախաձեռնութիւնը անելի մատնուի։
Ըստ «Մուսթաքպալ» հեռատեսիլի կայանին, խորհրդարանի նախագահութիւնը կը մերժէ ստանձնել միջազգային դատական ատեանի կազմութեան օրէնքի վաւերացման համար 70 երեսփոխաններու կողմէ ստորագրուած դիմումնագիրը։
Միւս կողմէ, մինչ ընդդիմութեան համակիրները 21րդ օրն ըլլալով կը շարունակէին իրենց նստացոյցը, կառավարութեան համակիր տիւրզի երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ կրկնեց, թէ Հարիրիի հարցով միջազգային ատեանի հարցը կը մնայ գլխաւոր հարցը, եւ աւելցուց, թէ ընդդիմութիւնը կը փորձէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի նախագահներուն վարկը պաշտպանել։ Ճոմպլաթ նաեւ ընդդիմութիւնը ամբաստանեց Լիբանանը երկրորդ Կազայի վերածելու փորձեր կատարելու յանցանքով: