Կը պատրաստուիք մեծ խրախճանքի մը, որ նախատեսած էք ձեր տան մէջ եւ մեծ թիւով հիւրեր կը սպասէք այդ օրը: Շատ խանդավառ էք ու շատ բան կ’ուզէք ընել, սակայն ժամանակին դէմ խուլ պայքար մը կայ: Եթէ կրնաք հանդարտ ըլլալ ու կեդրոնացած եւ հիմնական մէկ «յաղթանակ» ձեռք բերել, ձեր հիւրերը պիտի հմայուին այնքան, որ նոյնիսկ եթէ հիմնական ճաշատեսակը ձախող դուրս գայ, զայն պիտի չնկատեն իսկ:
Գաղտնիքը.
Ձեր տունը բացած էք հիւրերուն առջեւ եւ հիմա մանրուքներով կ’ուզէք զբաղիլ: Սխալ: Յիշեցէք, թէ ոեւէ մէկուն տպաւորելու կամ ձեր լաւ տանտիկին ըլլալը փաստելու կարիքը չունիք: Ամէնէն կարեւորը ձեր ընտանիքն է, եւ դուք անոր վստահութիւնը շահած էք: Ձեզի կը մնայ ինքնավստահ մօտենալ ձեր կարողութուններուն եւ հպարտ զգալ, որ դուք կը հիւրընկալէք ձեր հարազատները ձեր տան մէջ, տօնական շքեղ մթնոլորտի մը մէջ:
1.- Յաջողութեան բանալին: Միասնաբար աշխատեցէք դուք եւ ձեր ամուսինը: Վստահ եղէք, թէ ձեր ամուսինը կրնայ օգտակար դառնալ ձեզի ու ձեր վերջին ժամերու տառապանքն ու տագնապը մեղմացնել: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իրեն յարմար ու յատուկ գործ թող ստանձնէ եւ ապա միասնաբար ալ կարգ մը բաներ իրականացուցէք: Ձեր բարեկամները նաեւ կրնան օգտակար դառնալ ձեզի: Ամէն մէկը նոյնիսկ պարզ բան մը ստանձնելով, ձեր ծանր բեռը կը թեթեւցնէ:
2.- Երեք հիմնական բաներու (ներկայացումներ, հաճելի խաղեր, նուէրներու փոխանակում) վրայ կեդրոնացէք: Մնացեալը (ճաշ, զարդարանք եւ մատուցումի եղանակ) պէտք է ըլլան պարզ ու արագ իրագործելի: Աւելի գործնական է հինգերորդ աղանդերին ժամանակ տրամադրելու փոխարէն, հանգիստ տրամադրութեամբ հիւրերուն զուարճացնելու փորձ մը եւս կատարել՝ թէկուզ քիչ մը հանգստանալով, որպէսզի ետքը աւելի ժպտուն ու հնարամիտ ըլլաք եւ ոչ թէ չափազանց յոգնութեան պատճառով, նստած րոպէիդ իսկ ուզես քնանալ:
3.- Ճաշացանկին մասնագէտը պէտք է ըլլաք: Այն ճաշացանկը, որուն հմուտն էք դուք, ընտրեցէք ձեր տօնական օրերուն համար: Նոր ճաշատեսակ մը, որ ձեր ընկերոջմէն առած էք, մի փորձէք երբեք նման օրերու եւ ժամերով անոր վրայ մի տանջուիք: Անցեալ շաբաթ նոյն սխալին մէջն էի անձամբ… երբեք հաճելի չէր:
Աղանդերները.
2-3 տեսակի թող ըլլան ու իւրաքանչիւր տեսակէն ամէն անձի համար նկատի առէք 7-8 պատառ: Այս մէկը կրնաք հրամցնել սկիզբը ներկայանալի սպասներով: Օրինակ, shrimp, տունը պատրաստուած յատուկ թացանով կամ պանիրի տեսակներ ու պիստակեղէն:
Ապուր կամ Աղցան.
Մէկ տեսակ պատրաստեցէք եւ իւրաքանչիւրին համար մէկ չափ հաշիւ ըրէք: Օր առաջ կանաչեղէնը լուացէք ու մաքուր թուղթէ անձեռոցի մէջ փաթթեցէք, թացանը նոյնպէս կարելի է օրեր առաջ պատրաստել եւ սառնարանը պահել:
Հիմնական ճաշը.
Երկու տեսակ պատրաստեցէք եւ իւրաքանչիւր անձի համար 1/2 փաունտ միս նկատի առէք ու քիչ մըն ալ յաւելեալ հիւրերու հաշիւ ըրէք: Օրինակ, եթէ 20 հոգի հիւրեր ունիք, 28 անձի համապատասխան ճաշ պատրաստեցէք: Պարզ ճաշատեսակ ընտրեցէք ու այլազան համեմունքներէ խուսափեցէք:
Կողմնակի Ճաշատեսակներ
3-4 տեսակ պատրասեցէք եւ իւրաքանչիւրէն նկատի առէք մէկ չափ ամէն անձի համար: Այս պարագային ալ 20 հոգի հիւր եթէ ունիք, 28 հոգիի համապատասխան կողմնակի ճաշատեսակներ պատրաստեցէք: Բրինձ, գետնախնձոր եւ անպայման կանաչ գոյնով պնակներ թող ըլլան այս ցանկին մէջ:
Անուշեղէններ.
Այս մէկը եւս 3-4 տարբեր տեսակ թող ըլլայ եւ իւրաքանչիւրէն նկատի առէք մէկ չափ ամէն անձի համար: Փայեր, կարկանդակներ, թարմ պտուղներ եւ ժէլոներ: Պտուղն ու ժէլոն կրնաք զարդարել քրիմով:
Խմիչքներ.
Զանազան խմիչքներ նկատի առէք այս պարագային: Ամէն մէկուն ճաշակը եթէ գիտէք մօտաւորապէս, աւելի դիւրին կ’ըլլայ այս բաժինը, այլապէս հիմնականը գինին ու գարեջուրը եւ առանց ալքոլի կազային խմիչքները: Սառոյցը թող ըլլայ շատ առատ. անիկա թէ՛ կը ծառայէ շիշերը պաղեցնելու, եւ թէ գաւաթներուն մէջ լեցնելու:
4.- Իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը թող ունենայ սեղանին: Եթէ ձեր հիւրերէն մէկուն պատրաստած անուշեղէնը շատ յաջող է, կրնաք շատ հանգիստ առաջարկել, որ այդ համեղ պատառը ունենաք Նոր տարուան ձեր սեղանին վրայ: Վստահ եղէք, որ ինք ուրախութեամբ պիտի ընէ այս մէկը, եւ դուք ալ մէկ մտահոգութենէն զերծ պիտի մնաք:
5.- Հաճելի խաղեր ու արուեստի պահեր: Ճաշելէն ետք, մինչեւ անուշեղէնի սեղանին նստիլը, ձեր հիւրերուն համար թեթեւ ու խնդալիք խաղեր պատրաստեցէք: Կարելի է նաեւ արուեստի մեծ պաստառ մը պատրաստել եւ վրան նախապէս փակցուցած կ’ըլլաք կաղանդ պապուկը խոշոր խաւաքարատի մը վրայ: Մատնահետքերով եւ իրենց անուններով իւրաքանչիւր հրաւիրեալ պաստառին վրայ իր յիշատակը կը ձգէ ու այդ պաստառը կ’ըլլայ ձեր մեծագոյն նուէրը այս տարուան:
5.- Երգեցէք ու զուարճացէք: Իւրաքանչիւր անձ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կրնայ զուարճացնել իր շրջապատը: Անպայման երգող մը կ’ունենաք ձեր հիւրերուն մէջ եւ կամ նուագող մը: Օգտագործեցէք այդ լաւ առիթը ու զուարճացէք արուեստի պահերով:
Ձեր բոլորին կը մաղթենք ուրախ Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Ձմրան Նորաձեւութիւնը Ու Հարուստ Գեղեցկութիւնը
Բոլորս անհամբեր կը սպասէինք, որ կլիման ձմրան երեւոյթ ստանայ: Յանկարծ ստացաւ, եւ մենք պատրաստ ենք: Ահաւասիկ քանի մը նմոյշներ այդ եղանակի շքեղութիւններէն: Հարուստ ու ճոխ բաճկոններ եւ աչքառու մոյկեր կը սպասէին պաղ եղանակին, որպէսզի յայտնաբերուին՝ սիրուն կանանց սրունքները ու մարմինները ջերմացնելու համար:
Տրուած օրինակներէն ոմանք շատ դասական ու պարզ են եւ ոմանք նորաձեւութեան վերջին ճիչերը…
Ձեր ճաշակով ու հայեցողութեամբ ձեզի վայելածը ընտրեցէք ու հագուեցէք: Տօնական ցուրտ օրեր եւ գիշերներ կը սպասեն մեզի: Բարի վայելում: