ՊԵՐԼԻՆ, ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կը քննեն Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ ներկայացուած բանաձեւի մը անպաշտօն նախագիծը, ուր պատժամիջոցներ կ’առաջարկուին Իրանի դէմ, Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին հաղորդեց, թէ Իրանի իշխանութիւնները 2015էն առաջ հիւլէական ռումբ մը պատրաստելու կարողութիւնը չունին:
Ամերիկացի մասնագէտներ կը պնդեն, թէ Իրան մինչեւ երեք տարի կրնայ հիւլէական ռումբ մը արտադրել:
Իրան կր հերքէ ամերիկեան ու արեւմտեան երկիրներու այն ամբաստանութիւնները, թէ երկրին հիւլէական գործունէութեան նպատակն է հիւլէական ռումբ արտադրել: