ՄԵԼՊՈՒՌՆ, «Ռոյթըրզ».- Այս տարեշրջանի արհեստավարժ թենիսի առաջին «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի մրցաշարքին՝ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանի մրցումներուն ութերորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Երկուշաբթի, Յունուար 22ին 6-4, 3-6, 2-6, 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 12րդ դասուած գերմանացի Թոմի Հաասէն, դուրս մնալով մրցաշարքէն:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած երրորդ հանգրուանի իր մրցումին, Նալպանտեան առաջին երկու սէթերուն պարտութիւն կրելէ ետք յաջորդաբար երեք սէթ շահեցաւ, 5-7, 4-6, 7-6, 6-4 եւ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Սեպասթիան Կրոժանը, գրեթէ չորս ժամ տեւած մրցումէ մը ետք:
Քառորդ աւարտականին չհասնելով, Նալպանտեան միայն 80,000 տոլարով հեռացաւ մրցաշարքէն:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան (աջին) եւ Հաաս Երկուշաբթի օրուան մրցումին աւարտին: