ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արեւմտեան Հայաստանի ջարդերէն փրկուած հայերու ժառանգներու լիազօր ներկայացուցչական մարմիններ (Ազգային ժողով, Ազգային խորհուրդ, յանձնաժողովներ) հիմնադրելու նպատակով կազմակերպիչ յանձնաժողովի առաջին նիստը պիտի հրաւիրուի Դեկտեմբեր 9-10ին, Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին խումբ մը անուանի մտաւորականներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ:
Նախաձեռնող խումբի անդամ Կարէն Միքայէլեան խորհրդանշական համարեց կազմակերպիչ յանձնաժողովի առաջին նիստի գումարումը Սեւրի մէջ:
Նշենք, որ նախաձեռնող խումբը քննարկման կարգով առաջարկած էր շարք մը դրոյթներ՝ մշակել եւ իրագործել համահայկական այնպիսի ծրագիրներ ու նախագիծեր, որոնք կը նպաստեն ներկայ հայկական պետականութեան, ներառեալ՝ Արցախի արագընթաց զարգացման եւ հզօրացման, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման, իրաւական ազատ ժողովրդավարութեան լիակատար կայացման, հայրենադարձութեան կազմակերպման եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ հայերու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան: Նաեւ՝ ներկայացնել ու հետապնդել արեւմտահայութեան օրինական իրաւունքները եւ պահանջները միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, յանգիլ Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, վնասներու հատուցման եւ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ տարածքներու վերադարձման, ապահովել արեւմտահայութեան ժառանգներու անարգել եւ ապահով վերադարձը իրենց պատմական հայրենիք՝ Արեւմտեան Հայաստան: Կը նախատեսուի նաեւ նպաստել Սփիւռքի մէջ արեւմտահայութեան ազգային նկարագիրի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման, հետամուտ ըլլալ ԱրեւմտաՀայաստանի հայկական մշակոյթի յուշարձաններու պահպանման եւ վերականգնման եւայլն: